image

Թուրքիան մարտական ԱԹՍ-ներ պիտի վաճառէ Սէուտական Արաբիոյ

Թուրքիան մարտական ԱԹՍ-ներ պիտի վաճառէ Սէուտական Արաբիոյ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Պարսից ծոցի երկիրներ եռօրեայ շրջագայութեան ընթացքին պաշտօնական այցով մեկնած է Սէուտական Արաբիա, ուր անոր ընդունած է թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալման Ալ Սաուտը:

Բանակցութիւններէն ետք կողմերը ուժանիւթի, ներդրումներու ոլորտներու մէջ համատեղ նախագիծերու իրականացման վերաբերեալ շարք մը համաձայնագրեր եւ փոխըմբռնման յուշագրեր ստորագրած են։ Բացի այդ՝ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու պայմանագիր կնքած է անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող թրքական Baykar ընկերութեան հետ։

Թուրքիոյ նախագահը այնուհետեւ պիտի այցելէ Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Էրտողանի շրջագայութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 19 յուլիս։

Թրքական լրատուամիջոցները գրած են, որ Էրտողան կ'ակնկալէ նաւթ արդիւնահանող արաբական երկիրներու հետ աւելի քան 50 միլիառ տոլարի ներդրումային համաձայնագրեր ստորագրել: