Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստին կրկին անդրադարձած են հայ-թրքական սահմանէն ընդամէնը 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մեծամօրի աթոմային ելեկտրակայանին (ԱԷԿ)՝ շեշտելով որ այն լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ ամբողջ տարածաշրջանի համար։ Այս մասին գրած է թրքական Անատոլու գործակալութիւնը։
Մասնաւորապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի հանրագրերու յանձնաժողովն ընդդէմ Հայաստանի Մեծամօրի աթոմային ելեկտրակայանի դիմում ներկայացուցած է երկրի պատկան մարմիններուն՝ պնդելով, թէ իբր վերջինս վտանգաւոր է։
Վերոնշեալ դիմումի հիման վրայ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Աթոմային ուժի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) յուշագիր յղած է՝ պահանջելով հետեւողական ըլլալ աթոմակայանի աշխատանքներուն։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն յայտնած է, որ աթոմային ելեկտրակայանի գործունեութիւնը դադրեցնելը բացառապէս Հայաստանի պատասխանատւութեան տիրոյթին մէջ է, սակայն «այնուհանդերձ, հայկական աթոմային ելեկտրակայանը (ԱԷԿ) կը գտնուի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր յաճախ բնական աղէտներ տեղի կ'ունենան»։ Նշուած է նաեւ, որ «աթոմակայանը շատ մօտ կը գտնուի սահմանին եւ կը շահագործուի հին տեխնոլոգիաներով, այն սպառնալիք է ամբողջ տարածաշրջանի համար»։