Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցով որոշում պիտի կայացնէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ. այս մասին Պաքուի մէջ մամուլի ասուլիսին յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը:
«Հիմա Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ զարգացման ժամանակն է։ Անգարան միշտ աջակցած է երկու երկրի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ Մենք աւելի քան երբեւէ մօտ ենք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան։ Եթէ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները, ապա Թուրքիան կը կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Երեւանի հետ»,-ըսած է Ֆիտան։