Թուրքիան եւ Արեւմուտքը ունին խիստ տարբեր անվտանգութեան շահեր եւ առաջնահերթութիւններ: Էրտողանի օրօք Թուրքիան սկզբունքօրէն անյուսալի դաշնակից է:
Թուրքիան երկերեսանի քաղաքականութիւն կը վարէ ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ` կապուած ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի յայտերուն հետ: Այս մասին Haaretz-ի մէջ գրած է Սայմոն Ա․ Ուոլտմանը:
«Ո՞վ կը մտածէր, որ Մատրիտի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի առաջին օրը Թուրքիան պիտի հանէ իր վեթօն Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕ-ին միանալու դէմ:
Անցեալ ամիս Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն այցելած է Երուսաղէմ` յարգանքի տուրք մատուցելու Եատ Վաշեմի մէջ, ընկերացած է իր իսրայէլացի գործընկերոջ հետ` չնայած գրեթէ տասնամեայ թշնամանքի:
Էրտողանը յարաբերութիւններ հաստատած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ` ֆինանսական ներդրումներու ակնկալիքով, այն ակնկալիքով, որ Թուրքիան դուրս կու գայ տնտեսական ճգնաժամէն:
Այնուամենայնիւ, փաստ է, որ Թուրքիան եւ Արեւմուտքը ունին խիստ տարբեր անվտանգութեան շահեր եւ առաջնահերթութիւններ:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա Թուրքիան բոլորովին այլ ռազմավարութիւն ունի, քան ՆԱԹՕ-ն:
Անգարան կը կարծէ, որ «թուրք գայլը» դէմ առ դէմ պայքարին մէջ շանս չունի «ռուսական արջին» դէմ: Թուրքիան կը գնէ ռուսական «Ս-400» զենիթահրթիռային համակարգեր եւ նախարարներ կ'ուղարկէ Մոսկուա` քննարկելու ռազմավարական հարցեր` միաժամանակ ձգտելով զարգացնելու առեւտրային յարաբերութիւնները: Ուժանիւթային համագործակցութիւնը եւս աշխոյժ է:
Անգարայի կողմնակալ քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ կը շարունակուի ուքրանական ճգնաժամի ընթացքին: Թուրքիան Ուքրանիային կը մատակարարէ յայտնի Bayraktar անօդաչուներ: Միաժամանակ, Թուրքիան կը հանգստացնէ Մոսկուային` հրաժարելով փակելէ իր օդային տարածքը Ռուսիոյ համար կամ պատժամիջոցներ սահմանել:
Այսպիսով, այժմ, երբ Թուրքիան ճանապարհ բացած է ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման համար, կարելի է ակնկալել, որ Անգարան ի պատասխան ինչ-որ հաշտարար ժեսթ պիտի ընէ Մոսկուային:
Էրտողան այժմ կ'ակնկալէ, որ Շուէտը եւ Ֆինլանտան հաւատարիմ կը մնան համաձայնագրի ոգիին եւ տառին: Սա նշանակում է, որ ան պիտի պահանջէ, որ անոնք աջակցին Սիրիոյ մէջ թրքական հետագայ գոդծողութեան` քիւրտերու դէմ պայքարելու համար», կը գրէ Ուոլտմանը:
Յօդուածագիրը կ'եզրափակէ, որ Էրտողանի օրօք Թուրքիան սկզբունքօրէն անյուսալի դաշնակից է: