image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա պիտի չճանչնայ Ուքրանական շրջաններու Ռուսիոյ միանալու որոշումը

Թուրքիա պիտի չճանչնայ Ուքրանական շրջաններու Ռուսիոյ միանալու որոշումը

Թուրքիան չի կրնար ճանչնալ Տոնեցքի ու Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու եւ Զապորոժիէի ու Խերսոնի մարզերու՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմ մտնելու որոշումը։ Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ։

«Դեռեւս 2014 թուականին որդեգրած մեր դիրքորոշման համաձայն՝ մենք կը մերժենք այդ որոշումը։ Որոշումը, որ միջազգային իրաւունքի հաստատուած սկզբունքներու կոպիտ խախտում է, չի կրնար ընդունուիլ», - ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Բացի այդ, Անգարան նաեւ կոչ ըրած է կողմերուն բանակցելու իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման շուրջ։