image

Հրայր Զաքարեանի նեցուկով. Երգախառն ներկայացում՝ Պէյրութի մէջ (Լուսանկար, տեսանիւթ)

 Հրայր Զաքարեանի նեցուկով. Երգախառն ներկայացում՝ Պէյրութի մէջ (Լուսանկար, տեսանիւթ)

Պարզ է անշուշտ, որ առանց Հրայր Զաքարեանի նուիրական մօտեցումին եւ նիւթական յատկացումին անկարելի պիտի ըլլար իրականութիւն դարձնել սոյն ներկայացումը։

 Վարձքը կատար Հրայր Զաքարեանին, որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ արեւմտահայ երգին, երգիչներուն եւ մեր մշակոյթին։ 

Լիբանանի մէջ ստեղծուած դժուարին իրավիճակը ստիպած է սփիւռքով մէկ ապրող մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք մեկնել լիբանանահայութեան։

Այդ օժանդակութիւնը միայն նիւթական տեսքով չէ, որ կը միտի հասնիլ յատկապէս անապահով խաւերուն այլ ունի նաեւ մշակութային երանգներ։

  Ի վերջոյ ցանկացած հաւաքականութեան համար աւելի քան կենսական է ամէնօրեայ դժուարութիւնները մէկդի դնել ու միասնաբար ստեղծել ու ապրիլ գեղեցիկ պահեր։ Այս առումով ալ կարեւորագոյն դերով հանդէս կու գայ ամերիկահայ բարերար մեր հայրենակիցը Հրայր Զաքարեան, որուն վերջին նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս յառաջիկայ շաբաթներուն Պէյրութի բեմ պիտի բարձրանայ մանուկներուն յատկացուած թատերական մատուցում մը։

 Ինչպէս հայ երգն ու երգիչները Հրայրի համար մշտական հոգածութեան առարկայ են, նոյնպէս ալ մեր մանուկներն ու պատանիները, որոնց հանդէպ իր ունեցած սէրը Հրայր կը փորձէ մատուցել նուիրական ոգիով եւ հօրեղբօր մը հոգածութեամբ։

 Նշենք, որ ինչպէս եւ դիմատետրէն իմացանք թատրոնը կը կրէ ՝ 

«Լուսիկին կրկէսը» ընդհանուր խորագիրը եւ     այն պիտի ներկայացուի շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: