Իլոն Մասք իր Թուիթըրով Գանատայի վարչապետ՝ Ճասթըն Թրուտոն համեմատած է Ատոլֆ Հիթլէրի հետ: Ան, կարծես, կ'աջակցէր «Քորոնա» ժահրի սահմանափակումներու դէմ բողոքող բեռնատարներուն, եւ անմիջապէս փոթորիկ առաջացուցած է Թուիթըրով:
Իլոն Մասք իր թուիթը հրապարակած էր չորեքշաբթի կէսգիշերէն քիչ առաջ Քալիֆորնիոյ մէջ եւ առանց որեւէ բացատրութեան հեռացուցած է զայն մինչեւ հինգշաբթի կէսօրին: Ան չէ պատասխանած թուիթը մեկնաբանելու խնդրանքին, յայտնած է Reuters-ը:
Tesla Inc-ի գործադիր տնօրէն՝ Մասք Յունուարի վերջին Թուիթըրով աջակցութիւն յայտնած էր բեռնատարներու գանատացի վարորդներուն, որոնք փակած էին ճանապարհներն ու կամուրջները՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Թրուտոյի կառավարութեան կողմէ խրախուսուող առողջապահական քաղաքականութեան դէմ իրենց անհամաձայնութեան: