image

Թրքական լիրան դարձեալ կ՚արժեզրկուի

Թրքական լիրան  դարձեալ կ՚արժեզրկուի

Թուրքիոյ ազգային արժոյթը` լիրան, յարաբերական կայունութեան շրջանէ յետոյ դարձեալ սկսած է արժեզրկուել: Սթամպուլի ֆոնտային պուրսայի տուեալներուն համաձայն` աճուրդի մէջ 1 տոլարի համար տրուած է 15,37 թրքական լիրա:

Վերլուծաբանները, մեկնաբանելով թրքական ֆինանսական շուկաներուն մէջ տիրող իրավիճակը, կը նշեն, որ շաբթուայ ընթացքին լիրայի գրեթէ հինգ տոկոս արժեզրկման պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ սղաճի վերաբերեալ պաշտօնական տուեալներու հրապարակումն էր, սղաճը Ապրիլին հասած է 70 տոկոսի:

«Դրամատուները կ'ակնկալեն ազգային արժոյթի հետագայ արժեզրկում», կը գրէ «Sözcü» թերթը տնտեսական ակնարկի մէջ: