«Թրամփի երթուղի»ն օգուտ պիտի բերէ ոչ միայն այս տարածաշրջանին, այլեւ միւսներուն։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոնեն Քրաուսը։
««Թրամփի երթուղի»ն պիտի նպաստէ ոչ միայն այն տարածաշրջանի բարգաւաճման, ուր կը գտնուի Ատրպէյճանը, այլեւ այլ տարածաշրջաններու բարգաւաճման։ Այս միջանցքը, որպէս Միջին միջանցքի մաս, պիտի կապէ Արեւելքն ու Արեւմուտքը, Հիւսիսն ու Հարաւը։ Ատրպէյճանը եւ ամբողջ տարածաշրջանը ատկէ հսկայական օգուտ պիտի քաղեն»,-նշած է Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանը։