image

Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյց. Օրակարգը Մերձաւոր Արեւելքի վիճակն է

Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյց. Օրակարգը  Մերձաւոր Արեւելքի վիճակն է

Փութին եւ Թրամփ 50 րոպէ տեւողութեամբ հեռախօսազրոյց ունեցած են, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Ուշաքով։

Քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի սրուող իրավիճակը։ Փութին դատապարտած է Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնը Իրանի դէմ։ Ան Թրամփին տեղեկացուցած է նախորդ օրուան Իրանի նախագահի եւ Իսրայէլի վարչապետի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն մասին։ Փութին Թրամփին յիշեցուցած է Ռուսիոյ առաջարկը՝ Իրանի միջուկային ծրարի շուրջ փոխադարձաբար ընդունելի համաձայնութիւններ գտնելու վերաբերեալ։

Թրամփ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը գնահատած է որպէս շատ մտահոգիչ։ Նախագահները չեն բացառած Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցային գործընթացին վերադառնալը։

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ միջնորդ ըլլալու Ռուսիոյ պատրաստակամութեան մասին։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Իսրայէլի կողմէ Իրանին վրայ հարուածներն անուանած է արդիւնաւէտ։