ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ խօսած է Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու արագ դադրեցման հնարաւորութեան մասին։ Ան համապատասխան գրառում կատարած է Truth Social-ի վրայ։
«Մենք կը մօտենանք մեր նպատակներուն հասնելուն, քանի որ կը քննարկենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական ջանքերու կրճատման հարցը՝ Իրանի հետ կապուած»,– ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը։
Ան ԱՄՆ-ի նպատակներու շարքին նշած է Իսլամական Հանրապետութեան հրթիռային կարողականութեան, անոր ռազմաարդիւնաբերական համալիրին, ռազմաօդային ուժերուն, նաւատորմին եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն ոչնչացումը։
Աւելին, ըստ Թրամփի, ԱՄՆ յոյս ունի զրկել Իրանը միջուկային զէնք ձեռք բերելու կարելիութենէն, ինչպէս նաեւ «բարձր մակարդակի պաշտպանութիւն» ապահովել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր դաշնակիցներուն՝ Պահրէյնին, Իսրայէլին, Քաթարին, Քուէյթին, ԱՄԷ-ին եւ Սէուտական Արաբիոյ։
Անդրադառնալով Հորմուզի նեղուցին՝ Թրամփ յայտարարած է, որ ան պէտք է վերահսկուի այն երկիրներուն կողմէ, որոնք կը գործածեն այս ռազմավարական ուղին, եւ ոչ թէ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Անոր համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կրնայ աջակցիլ անհրաժեշտութեան պարագային։