Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Նիւ Եորքի նորընտիր քաղաքապետ Զահրան Մամտանին պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Ուաշինկթընի նկատմամբ, եթէ յոյս ունի յաջողութեան հասնիլ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ նախագահը պայմանական աջակցութիւն առաջարկած է քաղաքի ապագային՝ դեմոկրատ ընկերվարական առաջնորդի օրօք, հաղորդած է AL Jazeera-ն։
Նախագահ Թրամփ այս մեկնաբանութիւններն ըրած է չորեքշաբթի օր՝ Մամտանիի պատմական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակէն ետք, որպէս Նիւ Եորքի առաջին իսլամ եւ հարաւասիացի քաղաքապետ։ Այս մեկնաբանութիւնները հնչած են այն բանէ ետք, երբ Մամտանին իր յաղթական ելոյթին մէջ խոստացած էր դիմադրել Թրամփին։
Fox News-ին տուած հարցազրոյցին Թրամփը Մամտանիի մեկնաբանութիւններն անուանած է վտանգաւոր յայտարարութիւն՝ աւելցնելով, որ ան պէտք է քիչ մը յարգալից ըլլայ Ուաշինկթընի նկատմամբ, այլապէս յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի։
Թրամփ պարզաբանած է, որ յաջողութեան իր ցանկութիւնը քաղաքի համար է, ոչ թէ անձամբ Մամտանիի։
«Ես կ՚ուզեմ, որ ան յաջողութեան հասնի։ Ես կ՚ուզեմ, որ քաղաքը յաջողութեան հասնի», -ըսած է ան։
Աւելի վաղ Մայամիի մէջ կայացած Ամերիկեան ձեռնարկատիրական ֆորումին ելոյթ ունենալով՝ Թրամփ քննադատած էր Մամտանիի ձախակողմեան քաղաքականութիւնը՝ անոր անուանելով «կոմունիստ»։ Այնուամենայնիւ, ան ըսած էր, որ իր վարչակազմը «քիչ մը պիտի օգնէ» Նիւ Եորքի նոր ղեկավարութեան։