Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քարոլայնայի ընտրողներու հետ հանդիպման ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ Իսրայէլ կրնայ հարուածել Իրանի միջուկային կառոյցները։
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ նպատակայարմար չի համարեր Իսրայէլի կողմէ Իրանի միջուկային կառոյցներուն հարուածներ հասցնելը։
«Ես կը կարծեմ, որ Պայտըն կը սխալի։ Միթէ այդ այն թիրախը չէ, որ կը հարուածէիք:
«Միջուկային զէնքն ամենամեծ վտանգն է»,- ըսած է ան՝ մեկնաբանելով Պայտընի խօսքերը։
«Երբ անոր կը հարցնէին այդ մասին, պատասխանը պէտք է ըլլար հետեւեալը՝ նախ հարուածել միջուկային կառոյցները եւ անկէ յետոյ անհանգստանալ մնացեալ ամէն ինչի համար»:
Թրամփ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները «պէտք է պատրաստ ըլլայ» նման զարգացման։