image

ԹՄՄ-ի Ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ

  ԹՄՄ-ի Ատենապետ՝ Երուանդ  Ազատեանի   հանդիպումները Երեւանի մէջ

 

 «Պայքար» շաբաթաթերթէն կը կարդանք՝ 

Օրերս աշխատանքային այցով Երեւան կը գտնուի «Պայքար» թերթի պատասխանատու խմբագիր եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան, որ հանդիպումներ կ'ունենայ մշակոյթի եւ քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այս առիթով ան աւելի քան մէկ ու կէս ժամ հիւրընկալուած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ տեսակցած Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ, խորհրդակցելով ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ ճգնաժամային իրավիճակին մասին:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին Ազատեան հաստատած է նախագահ Տէր Պետրոսեանին որ վերջապէս պատմութիւնը եկած է արդարացնելու իր առաջարկած լուծումը, որուն պատասխանած է ան . «Ես ուրախ չեմ  որ այսօր կ'արդարանայ այդ ծրագիրը:  Որքան գոհ եւ ուրախ պիտի ըլլային Արցախի հայութիւնը եւ համայն հայութիւնը եթէ իրագործած ըլլար այդ լուծումը ժամանակին»:

Իր հերթին Վեհափառ Հայրապետը խոր սուգի մատնուած է վերջին կորուստներուն պատճառով, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իշխանական շրջանակներուն Մայր Աթոռի հնարաւորութիւնները տրամադրելու՝ ներկայ տագնապին լուծման սատարելու որ սակայն արձագանգ չէ գտած իր ցանկութիւնը: