Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Թեհրանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով, որուն մասնակցած են երեք երկիրներու ղեկավարները՝ Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի ձեւաչափ»-ին երաշխաւորները, համատեղ յայտարարութիւն ընդունուած է, յայտնած է RT-ն։
«Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի ձեւաչափ»-ին մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումն իսկապէս օգտակար էր եւ շատ բովանդակալից։ Գործնական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ մենք պարոն Ռայիսիի եւ Էրտողանի հետ ըստ էութեան քննարկած ենք Սուրիոյ հարցով մեր համագործակցութեան առանցքային կողմերը»,- ըսած է Փութին գագաթաժողովէն ետք:
Ռուսիոյ ղեկավարը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան Սուրիոյ վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են։
«Ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ հաստատուած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ամրապնդման հանձնառութիւնը՝ ի շահ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ իրավիճակի կայուն եւ կենսունակ կարգաւորման»,- յայտարարած է ան։