Նոյն օրը, Թեհրանի եկեղեցին հարստացաւ, ընդունելով տասնըմէկ նոր հաղորդական անդամ։
Նոր անդամները իրենց հրապարակաւ ուխտը կատարեցին եկեղեցիին առջեւ, ամբողջացուցած ըլլալով անդամական դասընթացքին։ Իբր նշան, ստացան վկայագրեր եւ յուշանուէրներ։
Մեծ ուրախութեամբ վերահասու դարձանք, որ մեզի սիրելի Հայ Աւետարանական Համայնքը օրերս Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօնը նշած է Թեհրանի մէջ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ՝
Սբ. Ծննդեան պաշտամունքը, 6 Յունուար 2026ին, յատուկ իմաստ ստացաւ Թեհրանի Հայ Աւետարանական Սբ. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ համար, ոչ միայն մեր Փրկչին մարդեղութիւնը տօնուելուն համար, ոչ միայն կիրակնօրեայ վարժարանը եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը Սբ. Ծննդեան բարի լուրը աւետելուն համար, եւ ոչ միայն Սբ. Հաղորդութեան սեղանը բացուելուն համար։ Նոյն օրը, Թեհրանի եկեղեցին հարստացաւ, ընդունելով տասնըմէկ նոր հաղորդական անդամ։
Նոր անդամները իրենց հրապարակաւ ուխտը կատարեցին եկեղեցիին առջեւ, ամբողջացուցած ըլլալով անդամական դասընթացքին։ Իբր նշան, ստացան վկայագրեր եւ յուշանուէրներ։ ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի շնորհաւորանքի ուղերձը ընթերցուելէն վերջ, ներկաները միաբերան Առաքելական Հանգանակը արտասանեցին։
Եկեղեցւոյ հովիւ եւ Իրանահայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Միշէլ Աղամալեան օրուան պատգամին մէջ ներկայացուց Սբ. Ծնունդը ոչ միայն իբր Տէրոջ ծնունդի օր, այլ մանաւանդ իբր յաղթանակի օր ընդդէմ չար ոյժերու, ինչ որ Յայտ. 12.1-10 կը նկարագրէ։
Փառաբանութիւնո՛վ կը միանանք Թեհրանի եկեղեցիներու հետ, այս յուսադրիչ առիթով։