Թայուանի մէջ մեկնարկած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ Թայուանի նախագահ Ցայ Ին Վենի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, յղում ընելով Bloomberg» հեռուստաալիքին։
Փելոսին յայտարարած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը ժամանած է Թայուան, հաստատըլու համար Թայուանին աջակցելու ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը։
«Շատ հպարտ եմ, որ այսօր մեր պատուիրակութիւնը ժամանած է Թայուան՝ հասկցնելու, որ մենք չենք հրաժարիր Թայուանի հանդէպ մեր յանձնառութենէն եւ հպարտ ենք ժամանակի փորձութիւն անցած մեր բարեկամութեամբ։ Այժմ, առաւել քան երբեւէ, Ամերիկայի համերաշխութիւնը Թայուանի հետ որոշիչ նշանակութիւն ունի», - յայտարարած է Փելոսին հանդիպման ժամանակ։
ԱՄՆ Քոնկրէսի Ստորին պալատի խօսնակը բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ի եւ Թայուանի համագործակցութիւնը անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ պետական կառավարման ոլորտներու մէջ։
«Այսօր աշխարհը ժողովրդավարութեան եւ ինքնավարութեան միջեւ ընտրութեան առաջ կանգնած է: Այստեղ՝ Թայուանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու Ամերիկայի վճռականութիւնը կը մնայ անսասան», - աւելցուցած է Փելոսի:
Նշենք, որ 8 ամերիկեան «Էֆ-15» տիպի հալածիչներ Ճափոնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանէ մը թռիչք առած էին` ընկերակցելու համար Թայուան ուղղուող Փելոսիի օդանաւին:
Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը եւ զայն նկատեց «մէկ Չինաստան» սկզբունքի «վտանգաւոր ոտնահարում»` նշելով, որ Փելոսիի այցելութիւնը կ՛ոտնահարէ չին-ամերիկեան յայտարարութեան կէտերը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «Չինաստանը վերահսկողութեան տակ առնելու համար Թայուանի խաղաքարտը չխաղալու»: