«Թալեպան» շարժումի զօրամիաւորումներ արագ գրոհի անցած են նպատակ ունենալով գրաւել մայրաքաղաք Քապուլը։
Նշենք, որ այս քայլը տեղի կ՚ունենայ «Թալեպան»ի կողմէ երէկ գրանցուած մեծ յաջողութիւնէն ետք, երբ ծայրայեղական զինեալները կարողացան ամբողջութեամբ տիրապետել Մազար Շարիֆ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաքին։
Մինչ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի երէկ յոյսեր յայտնած էր, որ պիտի կարողանայ տիրապետութեան տակ պահել դրութիւնը, անդին ըստ վերջին տուեալներուն «Թալեպան»ի զինեալները չորս կողմերէ պաշարած են մայրաքաղաք Քապուլը եւ կը շարունակեն կառավարական ուժերուն դէմ ընթացք առած թէժ մարտերը։