image
Հրատապ լուրեր:

«Թալեպան» անցաւ հրապարակային մահապատիժի՞

«Թալեպան» անցաւ հրապարակային մահապատիժի՞

Աֆղանիստանի մէջ իշխանութիւնը գրաւած «Թալեպան» շարժման գրոհայինները մահապատժի ենթարկած են Հերաթ նահանգի մէջ չորս բնակիչի, որոնք կը մեղադրուէին մարդոց առեւանգելու մէջ։

Ինչպէս հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը, տղամարդոց կախած են հաւաքուած բազմութեան առջեւ։ Ծայրայեղական շարժման ներկայացուցիչները դեռ որեւէ կերպ չեն մեկնաբանած կատարուածը, սակայն աւելի վաղ «թալեպ»ներու ներկայացուցիչը յայտարարած էր, որ իրենք մտադիր են վերականգնել հրապարակային մահապատիժները, նաեւ վերջոյթներու անդամահատումը` որպէս պատիժ գողութեան համար։

1996-2001 թուականներուն, երբ «թալեպ»ները իշխանութեան գլուխն էին, Աֆղանիստանի մէջ մեծ տարածում ունէին հրապարակային մահապատիժները։