image

Տեղի ունեցած է ԼՂ-էն խաղաղապահներու դուրսբերման պաշտօնական արարողութիւնը

Տեղի ունեցած է ԼՂ-էն խաղաղապահներու դուրսբերման պաշտօնական արարողութիւնը

Մայիս 15-ին Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը հաղորդած է, որ միջոցառման մասնակցած են Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ՊՆ բարձրաստիճան զինծառայողներ:

Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման մասին յայտարարուած էր 2024-ի ապրիլ 17-ին։ Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էին 2020-ի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հիման վրայ։ Ըստ փաստաթուղթի՝ զօրախումբը ԼՂ-ի մէջ պէտք է մնար մինչեւ 2025 թուականը, որ եւս հինգ տարիով կրնար երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտին չպահանջէր, որ առաքելութիւնը դուրս բերուէր Ղարաբաղէն։