image

Ճոն Պոլթըն «Յեղաշրջումներու կնքահա՞յր»

Ճոն Պոլթըն «Յեղաշրջումներու կնքահա՞յր»

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն խոստովանած է, որ օգնած է ծրագրել յեղաշրջման փորձերը արտասահմանեան երկիրներու մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Reuters»-ը։

Պոլթընն այս յայտարարութիւնը ըրած է CNN-ին տուած հարցազրոյցին՝ 2021 թուականի 6 յունուարին՝ ԱՄՆ Քոնկրէսի նիստերու շէնքի վրայ յարձակման վերաբերեալ լսումներէն ետք: Յանձնաժողովի օրէնսդիրները նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը մեղադրած են 2020 թուականի ընտրութիւններուն պարտուելէ ետք իշխանութիւնը պահպանելու համար բռնութիւն հրահրելու փորձի մէջ:

Սակայն CNN-ի հաղորդավարի հետ զրոյցի ժամանակ Պոլթըն ենթադրած է, որ Թրամփ բաւականաչափ ձեռնհաս չէ, որ «խնամքով ծրագրուած պետական յեղաշրջում» իրականացնէր՝ աւելցնելով. «Որպէս մարդ, որ օգնած է պետական յեղաշրջումներ ծրագրաւորել, ոչ այստեղ, այլ տեղեր, ըսեմ, որ այդ շատ աշխատանք կը պահանջէ, ինչը անոր (Թրամփի) զբաղումը չէր»:

Յստակեցնող հարցին, թէ ինչ փորձերու մասին է խօսքը, Պոլթըն պատասխանած է. «Ես մանրամասներ չեմ նշեր»։ Յետոյ ան յիշատակած է Վենէզուելան. «Այդ անյաջող էր: Ոչ թէ մենք ատոր հետ կապ ունէինք, այլ ես տեսայ, թէ ինչ արժեց ընդդիմութեան համար ապօրինի ընտրուած նախագահի տապալման փորձը, ու անոնք ձախողեցան»,- ըսած է ան: