Տաթեւ–Աղվան ճանապարհը քանդուած է, երբ անձրեւ կու գայ, երթեւեկելը կը դժուարանայ, ասֆալթը վնասուած է:
Ամիսներ առաջ, երբ Իրանը Հայաստանին կապող Կապան-Գորիս ճանապարհի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածին մէջ ատրպէյճանական անցակէտեր տեղադրուեցան, իրանեան բեռնատարները դադրեցան այդ ճանապարհէն օգտուելէ, քանի որ ստիպուած պիտի ըլլային մինչեւ 300 տոլար մաքսատուրք վճարել: Փոխարէնը բեռնատարները սկսան Հայաստան գալ եւ վերադառնալ հայկական կողմի առաջարկած այլընտրանքային` Տաթեւով անցնող ճանապարհով, որ, սակայն, կարճ ժամանակ անց փլուզումներու եւ այլ խնդիրներու պատճառով խիստ անյարմար դարձած է երթեւեկութեան համար:
Օրեր առաջ, տեղի բնակիչներուն փոխանցմամբ, տեղեկութիւն յայտնուեցաւ, որ, իրանցի վարորդները սկսած են Գորիս-Կապան ճանապարհէն օգտուիլ եւ այլեւս մաքսատուրք չեն վճարեր, քանի որ ունին անհրաժեշտ փաստաթուղթերը:
Իրանցի վարորդները պատմած են, որ կը շարունակեն երթեւեկել Տաթեւ–Աղվան այլընտրանքային ճանապարհով, որմէ դժգոհ են, յատկապէս` ձիւնի եւ անձրեւներու ժամանակ:
«Տաթեւ–Աղվան ճանապարհը քանդուած է, երբ անձրեւ կու գայ, երթեւեկելը կը դժուարանայ, ասֆալթը վնասուած է», ըսած է իրանցի վարորդ մը:
Այլ վարորդ մըն ալ պատմեց, որ Գորիս-Կապան ճանապարհէն չի օգտուիր, որովհետեւ ատրպէյճանցիները խնդիրներ կը ստեղծեն եւ գումար կը գանձեն իրանցի վարորդներէ:
Վարորդներու փոխանցմամբ` իրենցմէ շատերը կը հրաժարին օգտուելէ անբարեկարգ վիճակի մէջ գտնուող Տաթեւ–Աղվան ճանապարհէն: