Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Պաշշար Ասատ հնարաւոր է հեռախօսազրոյց ունենան։
Այս մասին յայտնած է թրքական իշխանամէտ Turkiye թերթը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները: Նշուած է, որ երկու նախագահները 2011-էն ի վեր չեն խօսած :
Թուրքիոյ նախագահը Սոչիի մէջ իր ռուս գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է, որ Վլատիմիր Փութինն իրեն առաջարկած է «ընտրել Սուրիոյ մէջ խնդիրները լուծելու ուղին»՝ համագործակցելով Պաշշար Ասատի վարչակարգի հետ։
Հարցի շուրջ նաեւ խօսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, նշելով.
«Սոչիի մէջ վերջերս կայացած հանդիպման ժամանակ քննարկուած են Սուրիոյ հետ կապուած հարցերը: Ինչ կը վերաբերի հեռախօսով երկկողմ շփումներու հեռանկարին, ապա այդ մասին պէտք է հարցնել Անգարային, կամ Դամասկոսին»:
Յիշեցնենք, որ Ասատ-Էրտողան յարաբերութիւնները լարուեցան Սուրիոյ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր: