Ռուսիոյ Եէսք քաղաքի բնակիչները ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթ հրապարակած են վթարի ենթարկուած Սու-34-ի՝ օդաչուի դուրս նետուելէն ետք։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ուսումնական թռիչքի ժամանակ Քրասնոտարի երկրամասի Եիսքիի մէջ կործանուած է ռուսական Սու-34, օդաչուները դուրս նետուած են։ Բնակելի թաղամասերէն մէկու բակին մէջ գտնուող վթարի վայրին մէջ օդանաւի վառելիքը բռնկած է։ Ինչպէս ՌԻԱ Նովոստիին ըսած է ռազմական գիտութիւններու դոկտոր Կոնստանթին Սիվքով, Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու ուսումնական թռիչքները միշտ տեղի կ'ունենան առանց զինամթերքի։
Եիսքի բնակիչներու հրապարակած տեսանիւթին մէջ օդանաւի օդաչուն վայրէջք կը կատարէ տան կողքին։ Մարդիկ անոր կը հարցնեն՝ ամէն ինչ կարգի՞ն է։
«Այո», – կը պատասխանէ օդաչուն:
ՌԴ Քննչական կոմիտէն նշած է, որ ՌԴ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է ինքնաթիռի կործանման փաստով։ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է ԱԻՆ եւ Առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավարներուն թռիլ Եիսք՝ տուժածներուն օգնելու համար։ Երկրի ղեկավարը լսած է նաեւ իրավիճակի վերաբերեալ նախարարներու եւ տարածաշրջանի ղեկավարի զեկոյցները։