image

Տարածաշրջանին մէջ պատերազմ տեղի պիտի չունենայ. Իրանի Պաշտպանութեան նախարար

Տարածաշրջանին մէջ պատերազմ  տեղի  պիտի չունենայ. Իրանի Պաշտպանութեան նախարար

Իրանի պաշտպանութեան նախարար՝ զօրավար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ պատերազմ պիտի չսկսի, եւ Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան նկատմամբ պարզ է։ Այս մասին գրած է irna.ir կայքը:

Աշթիանին այս յայտարարութիւնն ըրած է չորեքշաբթի՝ 13 սեպտեմբերին, Թեհրանի մէջ կառավարութեան նիստին՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը։

Իրանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբէն ներս վերջին հանդիպումներէն ետք Իսլամական Հանրապետութիւնը յայտարարած է իր հաստատակամ դիրքորոշումը՝ երկիրը չընդունիր տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն, ընդգծած է նախարարը։

Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ զարգացումները որեւէ յատուկ իրադարձութիւն չեն կանխատեսեր, եզրափակած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարը։