Լիբանանահայ թատրոնի տաղանդաւոր անուններէն՝ Զօհրապ Եագուպեան ծանր կաթուած մը անցուցած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոս Անճելըսի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Եագուպեան կաթուածէն ետք փոխադրուած է հիւանդանոց եւ յանձնուած բժիշկներու խնամքին։
կը հաղորդուի նաեւ, որ Եագուպեան կը բոլորէ դժուարին պահեր ու յաճախ անոր ինքնազգացողութիւնը կը վատանայ։
Առողջութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակիցին մեր ընթերցողներուն յիշեցնելով, որ 1980-ականներէն սկսեալ Եագուպեանի անունը մշտապէս ներկայութիւն եղած է լիբանանահայ բեմերուն վրայ։ Աւելի ուշ Եագուպեան անհատական ճիգերով կազմած է «Փորձառական թատրոն»ը իր շուրջ հաւաքելով խումբ մը տաղանդաւոր անուններ։ Աւելի ուշայդ թատրոնի «Մեղուներու խումբ»ը, ունեցած է փայլուն ելոյթներ ու դարձած լիբանանահայ թատրոնը սիրող հասարակութեան ամէնափնտռուած ելոյթները ներկայացնող թատերախումբ։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Եագուպեան աւելի քան 15 տարիէ ի վեր հեռացած է Պէյրութէն եւ հաստատուած ԱՄՆ-ի մէջ։