Պելառուսիոյ առաջնորդ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն կը կարծէ, որ աշխարհի մէջ «սով պիտի ըլլայ»: Եւ անոր պատճառը ոչ միայն ուքրանական հացահատիկի արտահանման արգելափակումն է:
«Ամէն օր աշխարհը կը վախցնեն մինչեւ աշուն եւ ձմեռ Հայրենական մեծ պատերազմէն ի վեր ամենամեծ սովով: Սով պիտի ըլլայ, եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ ուքրանական հացահատիկը դուրս չէ բերուած», ըսած է Լուքաշենքօն:
Ան մեղադրած է Արեւմուտքը պատժամիջոցներ կիրառելու համար:
«Դուք կը տեսնէք այն անօգնականութիւնը, որով ամբողջ ՄԱԿ-ը կը փորձէ կանխել անխուսափելի ճգնաժամը: Աշխարհի 50 երկիրներ խիստ կախուած են անկէ: Բայց ասոնք դեռ առաջին ծաղիկներն են: Պարարտանիւթերու, նաւթամթերքներու, բեռնափոխադրումներու նկատմամբ պատժամիջոցներու խենթ մահակը կը սպառնայ խաթարել հետագայ գիւղատնտեսական եղանակները եւ պարզապէս տապալել պարէնային շուկաները», յաւելած է Լուքաշենքօն: