ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունը գիր (նոթա) յղած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի վերաբերեալ մամուլի մէջ ռուսական կառոյցներու հասցէին հնչած մեղադրանքներու առնչութեամբ:
«Վրդովուած ենք տեղական տեղեկատուական տարածքին մէջ շրջանառուող ցինիկ նիւթերէն, որոնք հայհոյախառն ու կեղծ մեղադրանքներ կը պարունակեն ռուսական կառոյցներու հասցէին՝ այս տարուայ 14 օգոստոսի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան ներգրաւուածութեան համար։
Մենք սա կը համարենք ուղղակի սադրանք այն քաղաքական ուժերու կողմէ, որոնք կանգնած են նման ակնարկներու ետին, որոնց նպատակն է խաթարել ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները։ Մենք Հայաստանի իշխանութիւններէն կ'ակնկալենք քայլեր՝ ուղղուած նման անբարիացակամ դրսեւորումները ճնշելուն, ներառեալ անհրաժեշտ հանրային մեկնաբանութիւնները։
Համապատասխան գիրը (նոթան) դեսպանատան կողմէ ուղարկուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Նշենք, որ ռուսական կողմը՝ ի դէմս Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի, առաջին իսկ վայրկեաններէն ներգրաւուած է ողբերգութեան հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն», -ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան Դիմատետրեան հաղորդագրութեան մէջ։