Հալէպի Արդիւրանաբերական ցուցահանդէսի համալիրէն ներս, ՀՀ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան շարասիւնի պաշտօնական յանձնումը կատարեց Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին։
ՀՀ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան Հալէպի Արդիւրանաբերական եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի համալիրէն ներս Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին պաշտօնապէս յանձնած է ՀՀ-էն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Հալէպի մէջ գործող հայկական «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Յանձնման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ղասսան Ֆարուհ։
Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէ հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։
Այս առիթով ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան ըսած է․ «Պատմականօրէն սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները բարեկամական կապեր ունեցած եւ իրար փոխադարձ աջակցութիւն տրամադրած են։ Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ այս մարտահրաւէրը եւ Սուրիան կրկին դառնայ բարգաւաճ երկիր»։
Իր հերթին, Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալն իր շնորահակալութիւնն ու երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար, աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները ամուր պատմական կաներ եւ զարգացման ենթահող ունին։
Աւելի վաղ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական բեռը կը ներառէ սնունդ եւ բժշկական պարագաներ, որոնք կ՚օգնեն մեղմել պատերազմի եւ ճգնաժամի հետեւանքները բարեկամ սուրիացի ժողովուրդի համար:
Յիշեցնենք` մարտ 21-ին Հայաստանը հայ–թրքական սահմանին գտնուող Մարգարայի անցակէտով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Սուրիայ։
Նշենք, որ «Մարգարա» անցակէտը 10 օրով բանալու որոշումն ընդունուած է մարտ 20-ին կառավարութեան նիստին։