image

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարուածներուն վերաբերեալ՝ ՄԱԿ-էն արձագանգ

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարուածներուն վերաբերեալ՝ ՄԱԿ-էն արձագանգ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ մտահոգուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ Միացեալ Նահանգներու հարուածներէն յետոյ մագլցման վտանգով եւ կոչ կ'ընէ բոլոր կողմերուն միջոցներ ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու համար,

Ռիա Նովոսթի-ին ըսած է Ընդհանուր քարտուղարի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիք։

«Ընդհանուր քարտուղարը մտահոգուած է հետագայ մագլցումի վտանգներով։ Ան կոչ կ'ընէ բոլոր կողմերուն յստակ միջոցներ ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ 

Եւ հաշուի առնել առանց այն ալ փխրուն տարածաշրջանին մէջ աւելի լայն հակամարտութեան տնտեսական եւ մարդկային կորուստները»,- նշած է Տիւժարիք։