Դամասկոսի մէջ անակնկալ մահով մը արուեստի աշխարհին հրաժեշտ տուած է սուրիացի կարող դերասան՝ Մոհամմատ Քանուհ։
Այս մասինկը կարդանք Sawt Beirut International կայքէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ 1995 թուականէն ի վեր տարբեր հարթակներու վրայ իր տաղանդով առանձնացած Քանուհ կը համարուի Սուրիոյ արդի շարժապատկերի կարեւոր դէմքերէն մին։
Քանուհի մահը (Ծն. 1973-ին՝ Դամասկոս) խոր ցաւով ընդունուած է զինք ճանչցողներուն ու նաեւ արուեստի շրջանակներուն մէջ։ Նշենք, որ Քամուհ կը սերի արուեստագէտներու ընտանիքէ մը եւ ան ծնած ու գործած էր Դամասկոսի մէջ։