image

Սուրիա. Նաւթի կարեւոր հանք մը անցած է արաբական «աշիրէ»ներուն ձեռքը

Սուրիա. Նաւթի կարեւոր հանք մը անցած է արաբական «աշիրէ»ներուն ձեռքը

Արաբական ցեղախումբերու անդամները արեւելեան Սուրիոյ մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են քարիւղի հանք մը ամերիկեան բանակին դաշնակից եղող եւ հանքը պաշտպանելու պարտականութիւն ունեցող զինեալներու հետ բախումներէ ետք:

Տեղական աղբիւրներ «Սփութնիք»-ին յայտնած են, որ Տէր Զօրի գիւղական շրջանի Ազպա շրջանին մէջ արաբական ցեղախումբերու անդամներ յարձակում գործած են «Քոնիքօ» հանքին մօտ գտնուող հանքի մը վրայ եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու անդամներու հետ ժամերով բախում ունենալէ ետք գրաւած են զայն:

Աղբիւրները կը նշեն. «Յարձակումը տեղի ունեցած է շրջանի բնակիչներուն քարիւղի հանքի բարիքներէն զրկուած ըլլալու եւ ամերիկեան ուժերուն ու անոնց դաշնակից տարրերու կողմէ քարիւղի գողութեան լոյսին տակ»:

Աղբիւրները «Սփութնիք»-ին յայտնած են, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն մեծ ուժ մը ամերիկեան օդուժի օժանդակութեամբ կը պաշարեն հանքերն ու արաբական ցեղախումբերու անդամները` քարիւղի հանքին վերատիրանալու համար:

 

Լուրը՝  «Ազդակ»էն