image

Սուրէն Պապիկեանն այցելած է ԱՄՆ Ազգային պաշտպանութեան համալսարան

Սուրէն Պապիկեանն այցելած է ԱՄՆ Ազգային պաշտպանութեան համալսարան

8 Սեպտեմբերին, ԱՄՆ աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ազգային պաշտպանութեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է համալսարանի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Մայքլ Փլենի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռազմական կրթութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։ 

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը կարեւորած է ՀՀ ՊՆ Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի եւ ԱՄՆ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանի միջեւ համագործակցութեան զարգացումը ոչ միայն տարբեր դասընթացներու կազմակերպման, այլեւ կրթական ծրագրերու եւ դասաւանդման մեթոտաբանութեան մշակման ուղղութեամբ։

Մայքլ Փլեն, իր հերթին, հաւաստած է իր պատրաստակամութիւնը` նպաստելու ռազմական կրթութեան ոլորտի մէջ երկու համալսարաններու միջեւ կապերու ամրապնդմանն ու գործակցութեան շրջանակի ընդլայնման։