Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ նշուած է Սուրբ Ստեփանոսի տօնը։
Այս մասին իմացանք ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն, ուրկէ ալ կը կարդանք՝
Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով
Հանդիսապետութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Ուրբաթ 24 Դեկտեմբեր 2021-ին, նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակի տօնը:
Այս առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Սրբազան հայրը, իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Աստուծոյ Սուրբ սեղանին ծառայութեան մասին, մատնանշելով որ սարկաւագութիւնը առաջին հերթին Աստուծոյ ծառայութեան համար է: Իր խօսքին աւարտին Սրբազան հայրը բարձր գնահատանք յայտնեց թեմէն ներս ծառայող սարկաւագաց եւ դպրաց դասուն:
Քարոզին մէջ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Կաթողիկէ համայնքին Ս.Ծննդեան օրուայ եւ յատուկ կերպով շնորհաւորեց թեմի տարածաշրջանէն ներս ապրող հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակները: