image

Ստեփանակերտը՝ հոսանքազրկուած

Ստեփանակերտը՝ հոսանքազրկուած

Շաբաթ օր, 20:50-ի սահմաններուն  Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը հոսանքազրկուած է: Հոսանքը վերակագնուած է 30 րոպէ ետք:

Աւելի վաղ, «Արցախէներկօ»-ն յայտարարութիւն տարածած էր կոչ ընելով  խնայողաբար օգտագործելու ելեկտրականութիւնը` հնարաւոր խափանումներէ խուսափելու համար:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 8-ի գիշերն ալ վնասուած էր ՀՀ-էն Արցախ եկող կազատարը, Արցախի մէջ արդէն 5 օր է կազ չկայ: 

Նշենք, որ Ատրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ կազատարի վերականգնման աշխատանքները: