Ինչպէս «Արեւելք» հաղորդած էր, Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան կողմէ, երէկ, ժամը 13:30-ի սահմաններուն, Ստեփանակերտ քաղաքի Տիգրան Մեծի փողոցի թիւ 20/3 հասցէին վրայ գտնուող՝ «Ստեփանակերտի արտադրական կոմբինատ»ի տարածքին բաց կրակէ առաջացած էր հրդեհ, որու տարածման հետեւանքով պայթած են այդ տեղանքին մէջ գտնուող՝ գունաւոր մետաղի ընդունման կէտին մէջ ապօրինի պահուած՝ ենթադրաբար ռազմամթերք հանդիսացող առարկաներ:
Արցախի դատախազութենէն հաղորդած են, որ նկարագրուած դէպքի առթիւ Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ Արցախի քրէական օրէնսգիրքի 192-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 245-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախատեսուած յանցանքներու յատկանիշներով, ձերբակալուած է չորս անձ, որոնք կը կասկածուին ռազմամթերք հանդիսացող առարկաներ ապօրինի ձեռք բերելու, տեղափոխելու եւ պահելու մէջ: Պայթումներու հետեւանքով բարեբախտաբար ոչ ոք տուժած է, գոյքային վնասի չափը կը պարզուի, նշանակուած են փորձաքննութիւններ: