image

Ստեփանակերտի մէջ իրավիճակը լարուած

Ստեփանակերտի մէջ իրավիճակը լարուած

Այս պահուն լարուած իրավիճակ է Արցախի Ազգային Ժողովին դիմաց: Այս մասին, 28 օգոստոսի ուշ գիշեր յայտնած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ի հիմնադիր անդամ Արշակ Աբրահամեանը դիմատետրեան իր էջին:

Աբրահամեանը նաեւ կից տեսանիւթ հրապարակած է հրապարակէն, ուր կ'երեւի, որ Ազգային Ժողովի շէնքի մուտքի մօտ ոստիկանները քանի մը շարքով պատ կազմած են:

Այդ ընթացքին Արցախի Ազգային Ժողովէն ներս՝ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ արտահերթ նիստ կը կայանար՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առնչութեամբ: Արցախցիներն ալ հաւաքուած էին Վերածնունդի հրապարակին մէջ եւ կը սպասէին, թէ նիստէն ետք ինչ պիտի որոշուի:

Նշենք, որ բողոքի ցոյց կազմակերպուած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան մօտ: Յաջակցութիւն Արցախի՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան մօտ քաղաքացիները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են, անոնք նաեւ որոշած են գիշերել այնտեղ: 

Յիշեցնենք, որ 28 օգոստոսին Լաչինի միջանցքին մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ ապօրինի տեղակայուած անցակէտէն ատրպէյճանիցները առեւանգած են երեք երիտասարդ: Յայտնի է, նաեւ որ տղաները բերման ենթարկուած են՝ բիրտ ուժ կիրառելով։