image

Սրի Լանքայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած է երեք թեկնածու

Սրի Լանքայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած է երեք թեկնածու

Երեքշաբթի՝  19 յուլիսին, Սրի Լանքայի խորհրդարանէն ներս երեք թեկնածու առաջադրուած է նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու: Ընտրութիւնները պիտի կայանան չորեքշաբթի, խորհրդարանական քուէարկութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Սրի Լանքայի «Adaderana» լրատուական կայքը, կը գրէ «Ռիա Նովոստի»ն:

Իշխող դաշինքի թեկնածու առաջադրուած է գործող վարչապետ եւ ժամանակաւոր նախագահ Ռանիլ Վիքրեմեսինկհէն, գլխաւոր ընդդիմադիր դաշինքն առաջադրած է  իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր եւ նախկին վարչակազմի զանգուածային հաղորդակցութեան նախկին նախարար Տալլաս Ալահապերումայի թեկնածութիւնը,  «Ժողովուրդի ազգային իշխանութիւն» ընդդիմադիր մարքսիստ-լենինեան դաշինքի կողմէ առաջադրուած է դաշինքի նախագահ Անուրա Քումարա Տիսանայաքէի թեկնածութիւնը:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Սրի Լանքայի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր դաշինքի առաջնորդ Սաճիտ Պրեմատասան հրաժարած է առաջադրուելէ որպէս նախագահի թեկնածու եւ յայտարարած է, որ իր խմբակցութիւնը պիտի աջակցի Տալլաս Ալահապերումային, որ յաջորդաբար պիտի զբաղցնէր նախարարի պաշտօնները։