image

Սպիտակի մէջ. Դեսպան Անն Լույո այցելած է ԱՀԱԸ-ի հովանաւորած վարժարան

   Սպիտակի մէջ. Դեսպան Անն Լույո այցելած է ԱՀԱԸ-ի հովանաւորած վարժարան

Յիշեցնենք, որ ամբողջ Հայաստանի տարածքին, Արցախի մէջ,  թէ  սփիւռքեան ամենատարբեր գաղթօճախներու իր կառոյցներով ԱՀԱԸ-ն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը աջակցութիւն եւ նեցուկ ցոյց տալով մեր ժողովուրդի բոլոր շրջանականերուն։ 

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Անն Լույո օրերս այցելութիւն տուած է Վեր. Դանիէլ Սահակեանի անուան Սպիտակի թիւ 2 դպրոց։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՀԱԸ-ի դիմատետրի էջէն ուր մասնաւորապէս գրուած այցելութեան մասին։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, Սպիտակի վարժարանի վերակառուցուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ-AMAA) աջակցութեամբ եւ ընկերակցութեան վաղեմի գործընկեր Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ֆինանսաւորմամբ։ Դեսպանը ներկայ գտնուած է դպրոցի ֆրանսերէնի խմբակի ջանքերով կազմակերպուած ֆրանսալեզու միջոցառման, շրջած է դպրոցին մէջ՝ ծանօթանալով կրթական գործընթացին։ 

Տիկ. Լույոն այնուհետեւ AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Յարութ Ներսէսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ընկերակցութեան Սպիտակի Մանկական բժշկական կեդրոն, որ նոյնպէս կը գործէ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան համաֆինանսաւորմամբ։ Դեսպանի այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու կողմէ հովանաւորուող դարմանատուներու ծառայութիւններուն։