image

Սպիտակ տունը հրապարակած է Կազայի հատուածի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդի կազմը

Սպիտակ տունը հրապարակած է Կազայի հատուածի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդի կազմը

Սպիտակ տունը յայտնած է, որ Կազայի կառավարման ազգային կոմիտէ (NCAG) ստեղծուած է, եւ ներկայացուցած է Խաղաղութեան միջազգային խորհուրդի կազմը: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

NCAG-ը պիտի գլխաւորէ Ալի Շաասը, որ նախապէս բարձր պաշտօններ զբաղցուցած է Պաղեստինի ազգային վարչակազմին մէջ:Ան պիտի վերահսկէ հիմնական հանրային ծառայութիւններու վերականգնումը, քաղաքացիական հիմնարկներու վերածնունդը եւ Կազայի մէջ առօրեայ կեանքի կայունացումը:

«Խաղաղութեան խորհուրդի հայեցակարգի իրականացման համար նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութեամբ ձեւաւորուած է գործադիր խորհուրդ, որուն մէջ ընդգրկուած են դիւանագիտութեան, զարգացման, ենթակառուցուածքներու եւ տնտեսական ռազմավարութեան ոլորտին մէջ աշխատանքի փորձ ունեցող առաջնորդներ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհուրդի կազմին մէջ ներառուած են`

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն,

ԱՄՆ նախագահի յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆը,

Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշները,

Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերը,

ամերիկացի միլիառատէր Մարք Ռոուէնը (Թրամփի քարոզարշաւի նուիրատուներէն մէկը),

Համաշխարհային դրամատան նախագահ Աճայ Պանկան,

ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան խորհրդականի տեղակալ Ռոպերթ Կապրիէլը։

Գործադիր խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ պիտի վերահսկէ որոշակի ուղղութիւն Կազայի կայունացման եւ երկարաժամկէտ յաջողութեան համար, այդ շարքին՝ «կառավարչական կարողութիւններու ամրապնդում, տարածաշրջանային յարաբերութիւններ, ներդրումներու վերականգնում, ներգրաւում, լայնածաւալ ֆինանսաւորում եւ դրամագլուխի հաւաքագրում»:

Խաղաղութեան խորհուրդի աւագ խորհրդական նշանակուած են ԱՄՆ գնումներու դաշնային ծառայութեան յանձնակատար Ճոշ Կրիւնպաումը, ինչպէս նաեւ Արեա Լայթսթոունը, որ 2017-2021 թուականներուն զբաղցուցած է Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տեւիտ Ֆրիտմընի աւագ խորհրդականի պաշտօնը:

Բացի այդ, բարձր ներկայացուցիչի գրասենեակին աջակցելու համար NCAG-ը ստեղծած է Կազայի Գործադիր խորհուրդ, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, ԱՄԷ-ի միջազգային համագործակցութեան նախարար Ռիմ Ալ Հաշիմին, Հոլանտայի նախկին փոխվարչապետ Սիկրիտ Քաան, միլիառատէր Մարք Ռոուէնը եւ գործարար Եաքիր Կապայը: