Յիշեցնենք նաեւ, որ Րաֆֆի Ջանեցեանը միայն մասնագիտական-առողջապահական ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալով անձնաւորութիւն չէ, այլ ան տարբեր փուլերու եւ մասնաւորապէս Սուրիայէն դէպի հայրենիք՝ Հայաստան ներգաղթի օրերուն տարբեր հարթակներու վրայ եւ տարբեր ձեւաչափերով ու գործունէութեամբ նպաստած է սուրիահայ մեր հայրենակիցներու Հայաստան հաստատման։
Արմատներով հալէպահայ , Հայաստանի ԲՈՒՀ-երէն վկայուած ու մասնագիտական գործունէութիւն ծաւալած մեր հայրենակից Տօքթ. Րաֆֆի Ջանեցեան յաջողութեան նոր փուլի մը անցնելով հիմնադրած է իր սեփական բժշկական կեդրոնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցի մէջ երեւելի դարձած յայտարարութիւններէ։
Կը նշուի նաեւ, որ այս առթիւ Տօքթ. Րաֆֆին կարճ գրառումով մը հանդէս եկած է մասնաւորապէս գրելով ՝
«Տղամարդու եւ կնոջ առողջութիւնը կարեւոր է երջանկութեան եւ բարեկեցութեան համար, քանի որ զոյգերու ֆիզիքական, վերարտադրողական եւ հոգեսեռական առողջութեամբ պայմանաւորուած է՝ առողջ ընտանիք, առողջ սերունդ եւ երջանիկ կեանք ունենալը։
Medclub-ն իր բժշկական ախտորոշիչ եւ խորհրդատուական ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ զոյգային թերափիայի (բուժման), հիւանդութիւններու իրազեկման, կանխարգելման եւ առողջութեան դրական վարքագծի ձեւաւորման միջոցով կը նպաստէ ձեր կեանքի որակի բարելաւման։
Մեր ծառայութիւններն են՝
ուրոլոգիա (միզաբանութիւն)
գինեկոլոգիա (կնաբանութիւն)
սեքսոլոգիա (սեռաբանութիւն)
էնդոկրինոլոգիա (Գեղձաբանութիւն)
մաշկաբանութիւն
սոնոգրաֆիա (Ուլթրաձայնային հետազօտութիւն)
Մեր առաքելութիւնն է՝ օգնել ձեզի երջանիկ եւ առողջ ապրիլ։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Րաֆֆի Ջանեցեանը միայն մասնագիտական-առողջապահական ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալով անձնաւորութիւն չէ, այլ ան տարբեր փուլերու եւ մասնաւորապէս Սուրիայէն դէպի հայրենիք՝ Հայաստան ներգաղթի օրերուն տարբեր հարթակներու վրայ եւ տարբեր ձեւաչափերով ու գործունէութեամբ նպաստած է սուրիահայ մեր հայրենակիցներու Հայաստան հաստատման։
Յաջողութիւն կը յայտնենք մեր վաղեմի բարեկամին՝ Տօքթ. Րաֆֆի Ջանեցեանին։