Կը նշուի նաեւ, որ տարբեր մակարդակի մեղադրանքներու ենթակայ Մըրհի Ալ Ռասմանի սպանութիւնը եղած է Սուրիոյ Տարհա եւ Ալ Սուայտա շրջաններուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ Փապլո Էմիլիո Էսքոպար կը համարուէր աշխարհի կտրուածքով մեծագոյն թմրանենգներէն մին ու այդ պատճառով ալ սուրիացիք նոյն անունով «կնքած են» Մըրհի Ալ Ռասմանը
Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ օդային հարուածի մը հետեւանքով սպաննուած է Սուրիոյ մէջ, որպէս «Սուրիոյ Էսքոպար» ճանչցուած անձնաւորութիւնը։
Ըստ «Ալ Արապիա» կայանը բուն անունով Մըրհի Ալ Ռասման մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբէրէր յատկապէս «Քեփթակոն» թմրատեսակի մաքսանենգման գործերուն մէջ եւ անոր միջոցներով մեծ քանակութեամբ «Քեփթակոն» կ՚առաքուէր դէպի Յորդանան։
Կը նշուի նաեւ, որ տարբեր մակարդակի մեղադրանքներու ենթակայ Մըրհի Ալ Ռասմանի սպանութիւնը եղած է Սուրիոյ Տարհա եւ Ալ Սուայտա շրջաններուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ ծագումով Գոլոմպիացի՝ Փապլո Էմիլիո Էսքոպար կը համարուէր աշխարհի կտրուածքով մեծագոյն թմրանենգներէն մին ու այդ պատճառով ալ սուրիացիք նոյն անունով «կնքած են» Մըրհի Ալ Ռասմանը։
شاهدوا آثار المنزل الذي تحصن به تاجر المخدرات الأشهر في الجنوب السوري مرعي الرمثان#خبرني pic.twitter.com/icZVsL9L2w
— خبرني Khaberni (@khaberni) May 8, 2023