image

Սիւնիքի մէջ կրակոց եւ վիրաւորներ

Սիւնիքի մէջ  կրակոց եւ վիրաւորներ

Դեկտեմբեր 27-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ժամը 20:10-ի սահմաններուն «Կապան» բժշկական կեդրոնէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Կապանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «աջ ազդրի վերին երրորդականի ծակած կոյր վէրք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը։ Յայտնած է shamshyan.com-ը:

Բժիշկները ոստիկաններուն ու պարեկներուն յայտնած են, որ վիրաւորն ի վիճակի չէ բացատրութիւն տալու, քանի որ կը գտնուի վիրահատարանը։

Մինչ բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորի կեանքի համար, ոստիկանները պարզած են, որ ան Կապանի բնակիչ, 33-ամեայ Մհեր Աբգարեանն է։

Պարզուած է նաեւ, որ «ձախ թիկնային գծով երրորդ գօտկային ողի մակարդակի գնդակային վիրաւորում» ախտորոշմամբ եւս մէկ հոգի տեղափոխուած է «Կապան» բժշկական կեդրոն։

Ոստիկանները պարզած են, որ ան Կապանի բնակիչ, 30-ամեայ Արարատ Դաւթեանն է։

Բժիշկները յայտնած են, որ ան նոյնպէս ի վիճակի չէ բացատրութիւն տալու, քանի որ կը գտնուի վիրահատարանը։

Ահազանգով ժամանած են Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութեան խումբը՝ վարչութեան պետի եւ օրուան պատասխանատու հերթապահ քննիչի գլխաւորութեամբ։

Դէպքի փաստով Քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են դէպքի հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ուր եւ ինչ պայմաններու մէջ անոնք վնասուածքներ ստացած են։