image

Սիսի-Մաքրոն հեռախօսազրոյց

Սիսի-Մաքրոն հեռախօսազրոյց

Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Սիսի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ սրացումը եւ այն մեղմելու ուղիները։ 

Այս մասին նշուած է Եգիպտոսի նախագահի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Նախագահի մամուլի քարտուղար, դեսպան Ահմէտ Ֆահմի յայտարարած է, որ երկու նախագահներն ընդգծած են զսպուածութեան եւ փոխադարձ թիրախաւորման շրջափուլը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որ ողջ Մերձաւոր Արեւելքը կը դնէ տարածաշրջանային պատերազմի շեմին՝ սպառնալով տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջոցները։

Հաղորդուած է, որ երկու նախագահները վերանայած են Կազայի եւ Լիբանանի մէջ հրադադարի հասնելու եւ շտապ եւ բաւարար քանակութեամբ մարդասիրական աջակցութիւն մատակարարելու շարունակական ջանքերը:

«Անոնք նաեւ ընդգծած են Լիբանանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման կարեւորութիւնը՝ վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը լիբանանեան պետական կառոյցներուն», – նշուած է մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Բացի այդ, հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախագահները անդրադարձ կատարած են նաեւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցերուն։