image
Հրատապ լուրեր:

Շոյկու Փութինին զեկուցած է Ուքրանիոյ պատերազմի վերջին զարգացումներուն մասին

Շոյկու Փութինին զեկուցած է  Ուքրանիոյ  պատերազմի վերջին    զարգացումներուն մասին

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է գործողութիւնները աւարտելու եւ «Ազովսթալ» գործարանի ու Մարիուփոլի ամբողջական գրաւման մասին:

«Ազովսթալ» գործարանի տարածքը, որ կը գտնումէր «Ազով» նացիստական կազմաւորման վերահսկողութեան ներքոյ, ամբողջովին ազատագրուած է, յայտարարածէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքովը:

«Մարիուփոլի մէջ գտնուող պողպատի գործարանի տարածքը, ուր Ապրիլ 21-էն արգելափակուա է «Ազով» զօրամիաւորումը, ամբողջովին ազատագրուած է», ըսած է Քոնաշենքովը: