image

Շուշիի մէջ հրադադարի խախտում

Շուշիի մէջ հրադադարի խախտում

Շուշիի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին ամենօրեայ տեղեկագրին մէջ։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ տուժածներ չկան։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին վրայ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։