image

Շուրջ 20 երկիր հաստատած է մասնակցութիւնը Քազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի գագաթնաժողովին

Շուրջ 20 երկիր հաստատած է մասնակցութիւնը Քազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի գագաթնաժողովին

Շուրջ 20 պետութեան ղեկավարներ արդէն հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ-ի  գագաթնաժողովին։  Այս մասին ԹԱՍՍ-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Ռէապքով։

«Մենք արդէն ունինք շուրջ 20 հաստատուած հրաւէր, այսինքն՝ շուրջ 20 երկիր  հաստատած է իր մասնակցութիւնը Քազանի գագաթնաժողովին՝ առաջնորդներու մակարդակով։ Այս ցանկը կը շարունակուի ընդլայնիլ»,- ըսած է Ռէապքով։

BRICS-ի գագաթնաժողովը պիտի կայանայ Քազանի մէջ 22-24 հոկտեմբերին։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան յայտնած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի հոկտեմբերին Քազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի գագաթնաժողովին։