Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Նոր Տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու, վատէն ձերբազատուելու ու աւելի լաւը ծրագրելու՝ աւելի լաւին ձգտելու մեր անձնական եւ նաեւ հաւաքական կեանքերուն մէջ։
Ձեր բոլորին եւ ձեր սիրելիներուն կը մաղթեմ առողջութիւն, եւ կեանքի յաջողութիւններ։ Կը մաղթեմ որ այս Նոր Տարին մեր ազգին եւ հայրենիքին համար ըլլայ յաղթանակներու, բարօրութեան, եւ խաղաղութեան տարի։ Նաեւ կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ ձեր կեանքերուն մէջ - անձնական թէ ազգային - յարգէք քաջութիւնը, գնահատէք խիզախութիւնը։ Քաջութիւնն ու խիզախութիւնը միայն անվախութիւն չեն նշանակեր: Ինչպէս ասացուածքը կ՚ըսէ՝ քաջը այն մարդը չէ որ անվախ է, այլ ան որ գուցէ վախեր ունի, բայց որ գիտակցաբար կ՚որոշէ վախը յաղթահարել մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պահուն։
Քաջն ու խիզախը անազնիւ չեն կրնար ըլլալ։ Քաջ մարդը որ նաեւ ազնիւ չէ, կրնայ միայն հրէշ մը ըլլալ։ Ըստ իս, իսկական քաջերը որոնք մեր կեանքերու հերոսները պէտք է դառնան, ամէն բանէ առաջ ազնիւ են, զուսպ են, սկզբունքային են, մարդկային արժէքներու կրողն են։ Ելեւէջներով հարուստ կեանքիս մէջ, ես շատ հանդիպած եմ թուացեալ մեծխօսիկ եւ պոռոտախօս «քաջեր»ու, որոնք կարեւորագոյն պահերու՝ անսկզբունք մուկերու վերածուած են, ու քծնած են վտանգի եւ ուժի ազդեցութեան, կամ նիւթական շահի պարտադրանքներուն տակ։ Կը զարմանամ, երբ մարդիկ - յատկապէս երիտասարդներ - հրէշներով կը հմայուին, հրէշներ կը հերոսացնեն, չհասկնալով թէ ազնւութենէ եւ մարդկայնութենէ զուրկ «քաջութիւն»ներն են որոնք մարդկութիւնը, եւ նաեւ մեր ազգը կը քանդեն։
Եւ ուրեմն, այս Նոր Տարուան սեմին, ձեզի, ինչպէս նաեւ ինծի եւ սիրելիներուս կը մաղթեմ կեանքը դիմագրաւելու քաջութիւն, ազնիւ եւ ատելութենէ զուրկ խիզախութիւն, որպէսզի կարողանանք աւելի հեշտութեամբ թիավարել կեանքի դժուարութիւնները, որպէսզի մեր կեանքերը հարստացնելու ու աւելի լաւը կերտելու ճամբուն, մեր ընկերութեան շրջանակները կարողանանք մաքրել անազնիւ ու պոռոտախօս մարդոցմէ, եւ շրջապատուիլ ազնիւ, առաքինի, եւ իսկապէս քաջ ու խիզախ ընկերներով։
Յանուն ազգի եւ հայրենիքի, յանուն աւելի առողջ եւ պայծառ վաղուան։
Շնորհաւոր Նոր Տարի։