image

Շարժայի մէջ. Հանրապետական Մաղթանք եւ Դրօշի Օրհնութիւն

 Շարժայի մէջ. Հանրապետական Մաղթանք եւ Դրօշի Օրհնութիւն

  Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց  դիմատետրի էջէն կը կարդանք ՝

 

Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանին, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 104-րդ ամեակը։

Սրբազան Հայրը իր օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան կարեւորութեան ու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան։ Ակնարկելով ներկայ քաղաքական իրադարձութիւններուն, ըսաւ՝ «Բարի դրացութեան խաբկանքին զոհը չդառնանք, Հայաստանի սահմանամերձ, յատկապէս արեւելքի ու արեւմուտքի, երկիրները պատմութեան վկայութեամբ բացարձակապէս չեն ձգտած բարի դրացութեան։ 

Մեր դիմաց պարզուած ներկայ ժամանակներու քօղարկուած օսմանցին՝ նոյն ցեղասպանն է, որուն ձեռքերուն վրայ տակաւին տեսանելի են մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու արեան հետքերը, զգօնութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ իմաստութեամբ պէտք է մօտենալ։ Փոխադարձ խորհրդակցութեամբ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան միջեւ ու միասնականութեամբ պէտք է դիմագրաւել ներկայ հանգրուանի դժուարութիւնները, դուրս գալու պատմական այս իրադարձութենէն։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համագործակցութիւնը աւելի քան երբեք հրամայական ու անհրաժեշտ է այսօր։ Սփիւռքի անտարբերութիւնը եւ Հայաստանի անտեսումը Սփիւռքին նկատմամբ վտանգալից երեւոյթ է մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան ու ընդհանրական շահերուն։ Պատմութեան տագնապալից ու գոյութենական վտանգներու դիմաց միշտ միասնականութեամբ դիմագրաւելու վարժութիւնը պահանջելի է ներկայ պայմաններու լոյսին տակ։

1918-ի երկար տարիներու սպասումներէ եւ երազանքներէ ետք Հայաստանի անկախացումը պատմական մեծ իրադարձութիւն էր, եթէ վտանգը կը զգացուի անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան շուրջ, տագնապը ամբողջ հայութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եւ ո՛չ թէ միայն Հայաստանի սահմաններէն ներս ապրող հայութեան վրայ։ Առ այդ, հաշուետուութեան, ինքնորոշման ու գոյութենական այս պայմաններուն ընդառաջ միասնականութեան, զգաստութեան ու գիտակցութեան կեցուածք ու դիրքորոշումի ժամանակն է, Սարդարապատի յաղթանակած հոգիի պարտքը տալու ժամանակն է:»

Յընթացս Ս․ եւ Անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ Արցախի դրօշակի օրհնութիւն։ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Արամ Աւագ Քահանայ Տէյիրմէնճեան, արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հ․Հ․ Հաւատարմատար Տիար Կարէն Գրիգորեանը։

Նշենք, թէ նոյն ժամանակ հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ Ապու Տապիի Ս․ Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, հոգեւոր հովիւ Հոգշ․ Տէր Վաչէ Վրդ․ Պալըքճեանի կողմէ։