image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտեան իշխանութիւնները քննադատելու համար կին իրաւապաշտպանը դատապարտուած է 34 տարուան ազատազրկման

Սէուտեան իշխանութիւնները քննադատելու համար կին իրաւապաշտպանը դատապարտուած է 34 տարուան ազատազրկման

Կին իրաւապաշտպան Սալմա ալ-Շըհապ 34 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է Twitter-ի էջին սէուտեան իշխանութիւնները քննադատելու համար: Սէուտցի իրաւապաշտպանները պահանջած են չեղարկել վճիռը: Այս մասին յայտնած է «RIA Novosti»-ն:

Բրիտանական Լիտսի համալսարանի ուսանողը կալանաւորուած էր 15 յունուար 2021-ին՝ հասարակական կարգը խարխլելու փորձ կատարողներուն աջակցելու, ինչպէս նաեւ Twitter-ի էջին կեղծ շշուկներ հրապարակելու մեղադրանքով։ Անցեալ տարեվերջին ան դատապարտուած է 6 տարուան ազատազրկման, որ Վերաքննիչ դատարանը հասցուցած է 34 տարուայ՝ համաձայն հակաահաբեկչական եւ «սայպըր» յանցագործութեան մասին օրէնքներու: